Now if perfection had been attainable through the levitical priesthood-for the people received the law under this priesthood-what further need would there have been to speak of another priest arising according to the order of Melchizedek, rather than one according to the order of Aaron? For when there is a change in the priesthood, there is necessarily a change in the law as well. Now the one of whom these things are spoken belonged to another tribe, from which no one has ever served at the altar. For it is evident that our Lord was descended from Judah, and in connection with that tribe Moses said nothing about priests.
It is even more obvious when another priest arises, resembling Melchizedek, one who has become a priest, not through a legal requirement concerning physical descent, but through the power of an indestructible life. For it is attested of him,
"You are a priest forever, according to the order of Melchizedek."
There is, on the one hand, the abrogation of an earlier commandment because it was weak and ineffectual (for the law made nothing perfect); there is, on the other hand, the introduction of a better hope, through which we approach God.
This was confirmed with an oath; for others who became priests took their office without an oath, but this one became a priest with an oath, because of the one who said to him,
"The Lord has sworn and will not change his mind,
'You are a priest forever'"-
accordingly Jesus has also become the guarantee of a better covenant.
Furthermore, the former priests were many in number, because they were prevented by death from continuing in office; but he holds his priesthood permanently, because he continues forever. Consequently he is able for all time to save[
a] those who approach God through him, since he always lives to make intercession for them.
ՊՕՂՈՍ ԱՌԱՔԵԱԼԻ ՆԱՄԱԿԸ ԵԲՐԱՅԵՑԻՆԵՐՈՒՆ (7.11-25)
Գիտենք թէ ղեւտացիներու քահանայութիւնն էր հիմը սրբութեան այն օրէնքին, որ Իսրայէլի ժողովուրդին տրուեցաւ։ Արդ, եթէ կարելի ըլլար այդ քահանայութեան միջոցաւ կատարելութեան հասնիլ, Աստուած ի՞նչ պէտք պիտի ունենար նոր քահանայապետ մը տալու Մելքիսեդեկի օրինակով եւ ո՛չ Ահարոնի քահանայութեան շարունակութենէն։ Միւս կողմէ, քահանայութեան փոխուելուն հետ սրբութեան օրէնքն ալ պէտք էր փոխուէր. որովհետեւ Քրիստոս, որուն մասին կը խօսուի, կը պատկանէր ուրիշ ցեղի մը, որուն անդամներէն ո՛չ մէկը քահանայութեան պաշտօնը ստանձնեց երբեւիցէ։ Արդ, յայտնի է թէ մեր Տէրը Յուդայի ցեղէն էր, մինչդեռ այդ ցեղէն գալիք քահանայութեան մը մասին Մովսէս ոեւէ բան չըսաւ։
Փոփոխութիւնը աւելի բացորոշ է անով՝ որ կը յայտնուի քահանայ մը որ Մելքիսեդեկի նման է. այսինքն՝ մարմնաւոր կեանքի յատուկ օրէնքներու եւ կարգերու համաձայն չէ՚ որ քահանայ եղած է, այլ յաւիտենական կեանքի մէջ ի զօրու եղող օրէնքով։ Անոր մասին վկայեց Սուրբ գիրքը, ըսելով. «Դուն յաւիտեան քահանայ ես, Մելիքիսեդեկին պէս»։ Բացայայտ է, թէ նախկին պատուիրանը մէկդի կը դրուի, անզօր եւ անօգուտ ըլլալուն համար, որովհետեւ Օրէնքը չկրցաւ ոեւէ բան կատարելութեան հասցնել. եւ հիմա մեզի տրուեցաւ աւելի լաւ յոյս մը, որով Աստուծոյ կը մօտենանք։
Աւելին, այս նոր քահանայութիւնը երդումով տրուեցաւ, մինչդեռ միւսներուն քահանայութիւնը երդումով տրուած չէ։ Քրիստոս քահանայ եղաւ Աստուծոյ երդումով, ինչպէս Սուրբ գիրքը կ՚ըսէ.-
«Տէրը անդառնալի երդում ըրաւ, ըսելով.
"Դուն յաւիտեան քահանայ ես"»։
Եւ այսպէս, Յիսուս գերազանց ուխտի մը երաշխաւորը եղաւ։
Ի վերջոյ, միւս քահանաները թիւով շատ կ՚ըլլային, որպէսզի մէկուն կամ միւսին մահով՝ քահանայութիւնը չընդհատուէր։ Բայց որովհետեւ Յիսուս յաւիտեան կ՚ապրի, իր քահանայութիւնն ալ անվախճան է։ Ուստի նաեւ կրնայ վերջնականապէս փրկել անոնք՝ որոնք իր միջոցաւ Աստուծոյ կու գան, որովհետեւ միշտ կենդանի ըլլալով՝ տեւաբար բարեխօս կ՚ըլլայ անոնց համար։